2014-11-07 08:43:41

ՅՊԲ քահանայապետի երբեմնի բանբեր` Նավառօ Վալս յայտնեց թէ Քահանայապետը տեղեակ էր որ Պերլինի պատը պիտի փլուզուէր։


(Ռ.Վ. 7 նոյեմբեր 2014) ''Պատմաբանները միահամուռ կը վկայեն որ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը ամէնէն աւելի սատարեց Պերլինի պատին փլուզումին (9 Նոյեմբեր 1989՚) ու սովետական միութեան քայքայումին'' ըսաւ ՅՊԲ-ի երբեմնի բանբեր ու Ս. Աթոռի մամլոյ երբեմնի գրասենեակի տնօրէն` տոքթ. Նավառօ Վալսը Ռատիովատիկանի հետ ունեցած մէկ ելոյթի մը ընթացքին։
Երբ յետադարձ ակնարկ մը կը կատարենք պատմութեան, կ՛անդրադառնանք թէ այդ դէպքը միայն քաղաքական ծաւալ չունեցաւ այլ լոկ մարդկայնական, եւ զարմանալին այն է որ այդ վիթխարի յեղաշրջումը տեղի ունեցաւ առանց արիւնահեղութեան։
Ս. Պետրոսի գահին վրայ բարձրանալուն եւ Լեհաստան կատարած առաջին առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին (1979-ին) ՅՊԲ Քահանայապետը ըսած էր որ ընկերվարութիւնը մարդաբանական մեծագոյն սխալը գործեց, որովհետեւ սխալ տեսութիւն մը ունէր մարդուն մասին։ Քահանայապետին այս մօտեցումը լաւ հասկցուած էր արեւելեան Եւրոպայի ժողովուրդներէն։ Միքայէլ Կորպաչով անձամբ հաստատած է որ առանց ՅՊԲ Քահանայապետի աշխատանքին, ներկայութեան ու անոր խօսքերուն կարելի չէ հասկնալ այն ինչ որ պատահեցաւ այն տարիներուն Եւրոպայի մէջ եւ մասնաւորապէս 1989-ին։
Պրանտպուրկոյի դուռին առջեւ արտասանած յուզիչ ճառին մէջՅՊԲ Քահանայապետը յաճախ ընդգծեց ու շեշտեց ''ազատութիւն եւ ճշմարտութիւն'' երկու բառերը։ Եթէ մարդ էակին կարելիութիւն տրուած է ազատ ըլլալ ու վճիռ առնել, որովհետեւ ան ի վիճակի է ճանչնալ ճշմարտութիւնը, հետեւաբար անոր հիման վրայ է որ մարդ էակը կարող է վճռել ու ներգործել։ Մինչ ընկերվարութեան մէջ այս տեսութիւնը բոլորովին նորութիւն է, որովհետեւ իրական ընկերվարութիւնը կազմակերպուած է սուտի կայսրութեան վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.